2010-09-23 14:17:25

Քրիստոնեաներու Միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Գոշի գնահատումով՝ Սրբազան Հօր Անգլիա առաքելական ճամբորդութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։


Գերապայծառ Գոշ պատասխանելով մամուլի հարցումներուն, յայտարարած է թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մեծն Պրիտանիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ու համամիութեան մասին անդրադառնալով ան ըսաւ ՜՜աշխարհականացած ընկերութեան մէջ, երկու եկեղեցիներու՝ կաթողիկէ եւ անկլիգան եկեղեցիներու միատեղ վկայութիւնը բացարձակապէս էական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.